ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԶԱԽՕ

Caritas-ի Տնօրէնի Այցը Զախօյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցի

26 Օգոստոս 2022-ին, Զախօյի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․  Ադամ քհնյ. Մովսէսեան եւ գլխաւորութեամբ՝ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Պրն․ Դաւիթ Մարտիրոսեանի, հիւրընկալեցին Caritas Միջազգային Բարեգործական Կազմակերպութեան Զախօ քաղաքի մասնաճիւղի տնօրէն՝ Պրն․ Ֆիրաս Խալիլ Իպրահիմը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը։  Մեծարգոյ հիւրերը բարի գալուստ եւ բարի ծառայութիւն մաղթեցին Արժ․ Տէր Հօր, այնուհետեւ այցելեցին նորակառոյց եկեղեցին եւ ծանօթացան տարուող աշխատանքներուն: Այցի աւարտին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միասնական աղօթք։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author