Սեպտեմերի 7ին, Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Իրաքի Մարդու Իրաւունքներու եւ Փոքրամասնութեանց պատասխանատու՝ Պարոն Ապտալլա Ալ-Ճպուրիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Յետ ծանօթութեան, քննարկուեցան փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս Հայ գաղութիւն հետ առնչուող հարցեր ու խնդիրներ: Հանդիպման, որը տեւեց մօտաւորապէս մէկ ժամ, ներկայ եղան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետն ու Անդամները:

About The Author

By iamc