ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Այցելութիւն

Ուրբաթ օր, Սեպտեմբերի 9-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․Օշական Վրդ․Կիւլկիւլեանը   ընդունեց (مؤسسة أمن الإعلامية) Հաստատութեան նախագահ՝ Պրն․ Ապտ Ալ-Քերիմ Մութլէկ-ին եւ անոր օգնականին, ընկերակցութեամբ Ս․ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ տնօրէն՝ Պրն․ Հովակիմ Ջոջաղայեանի։ Յետ ողջոյնի խօսքերու փոխանակման, հիւրերը բարձր գնահատեցին այլադաւան հաւատացեալներու նկատմամբ Հայ Եկեղեցւոյ ունեցած նախանձախնդիր կեցուածքը, յատկապէս անցեալ Օգոստոսին, Աստուածամօր տօնին առիթով Մէյտանի Ս․Աստուածածին Եկեղեցին այցելողներու պարագային, ուր տարբեր կրօնքներէ եւ դաւանանքներէ հազարաւոր հաւատացեալներ անխտիր այցելեցին մուրատատու Եկեղեցին։ Աւարտին, հիւրերը Հայր Սուրբին յանձնեցին գնահատանքի յուշագրեր։ Հանդիպման ներկայ եղաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն․ Մելքոն Մելքոնեանը։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author