2 Հոկտեմբեր 2022-ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի այցելեցին “Hungary Help Agency”-ի կազմակերպութեան Տնօրէն Պրն․ Բիտըր Կովաչ, Քիւրտիստանի մէջ Հունգարիոյ Հանրապետութեան հիւպատոս Պրն․ Աթիլա Թուտ եւ կազմակերպութեան համակարգող Պրն․ Թոհմա Ճպարա։ Հիւրերը ընդունեց Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վրդ․ Կիւլկիւլեան Առաջնորդ Իրաքի Հայոց, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Ադամ Քհնյ․ Մովսէսեան, Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, Ճարտարապետ Պրն․ Վահիկ Լազարեան եւ Առաջնորդին ուղեկցող պատուիրակութիւնը։ Հունգարիոյ օգնութեան գործակալութեան պատուիրակութեան անդամները, Առաջնորդ Հայր Սուրբը, Թաղական խորհուրդի ատենապետ Պրն․ Դաւիթ Մարտիրոսեանը եւ նոր եկեղեցւոյ գլխաւոր տեսուչը, ճարտարապետ Պրն․ Վահիկ Լազարեանի հետ ընդհանուր զրոյց մը ունեցան նոր կառուցուող եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքներուն մասին։ Առաջնորդը եւ ծրագիրի պատասխանատուները՝ իրենց հերթին ծրագիրին հետ կապուած բոլոր մանրամասները բացատրեցին։ Աւարտին տեղի ունեցաւ միասնական ճաշ։










