Շաբաթ օր երեկոյեան, Հոկտեմբերի 15ին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վարդապետ Կիւլկիւլեանը այցելեց Պաղտատի եւ Պասրայի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Սէվերիոս Հաուա Արքեպիսկոպոսին: Առաջնորդ Հայր Սուրբին դիմաւորեցին  Հաուա Սրբազանն ու եկեղեցւոյ միւս հոգեւորականները:

Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն առաջ, ի պատիւ Հայր Սուրբին, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ բարի գալուստի աղօթք, որմէ ետք  քննարկուեցան Հայ եւ Ասորի քոյր եկեղեցիներու փոխ յարաբերութիւններն ու եկեղեցական այլ հարցեր:

About The Author

By iamc