Հաւրէզք գիւղին մէջ մատուցուած պատարագէն ետք Առաջնորդ Հայր Սուրբը իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ, Ուրբաթ երեկոյեան մեկնեցաւ Զախօ, ուր դիմաւորուեցաւ Թաղական Խորհուրդի կողմէ։
Յաջորդ առաւօտ, ամսոյս 28ին Ան այցելեց Զախոյի մէջ կառուցուլիք եկեղեցւոյ վայրը ուր ակնյայտ էին տարուած արդիւնաւէտ աշխատանքները և յատկապէս հայկական տուֆ քարով դէպի երկինք բարձրացող գեղատեսիլ եկեղեցին։
Հայր Սուրբը իրեն յատուկ բծախնդրութեամբ կարեւոր ցուցմունքներ ու յանձնարարութիւններ ըրաւ եկեղեցւոյ ճարտարապետին և Թաղականութեան։
Յոյսով ենք որ քանի մը ամիսներ ետք հաւատացեալներու աղօթքներով շաղախուած` սոյն եկեղեցին պիտի օծոււի և առաջին Սուրբ Պատարագը մատուցուի։
Կը կարեւորենք յիշել որ Առաջնորդ Հայր Սուրբը այցելեց և իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց Զախոյի քանի մը ֆիզիքապէս անկար տարեցներուն։
_Լուսանկարները տրամադրեց պրն. Վահիկ Աւետիսեանը։








