Այսօր, Փետրուարի 16ին, ի Տօնին Սրբոց Վարդանանց, հանդիսաւոր Ս. Եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ հիւսիսային շրջանի Ավզրուկ զուտ հայկական գիւղին մէջ:
Պատարագը, որն կատարուեցաւ գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով եւ հոծ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ՝ մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը: Յընթացս Սուրբ պատարագի կատարուեցաւ աւանդական Հարիսայի օրհնութիւն, ապա Հայր Սուրբը Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի անունով, արծաթեայ խաչով զարդարուած Աւետարան նուիրեց եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց եւ օրհնեց Վարդան անունը կրող երկու անձ եւ Ռազմիկ անունով՝ մէկ հոգի:
Յիշատակութեան արժանի է, որ գիւղի մուտքին՝ բնակիչները Հայր Սուրբին դիմաւորած էին անսահման ուրախութեամբ եւ «Դհոլ-զուռնայի» ոգեշնչող նուագներով: Նոյնն էր վիճակը նաեւ պատարագէն ետք: Ճաշէն յետոյ գիւղի բնակիչները ինչու չէ նաեւ մօտակայ շրջաններէն ժամանած հիւրերը մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին Առաջնորդ Հայր Սուրբի ներկայութիւնը իրենց մէջ:
Այս հոգեպարար միջոցառման մասնակցեցան՝ Էրպիլի եւ Տհօքի արժանապատիւ հոգեւոր հովիւները, Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետը, Զախոյի, Հաւրէզքի եւ Տհօքի թաղական խորհուրդներու անդամներէն ոմանք:

























