Երեքշաբթի օր, Փետրուարի 28ին Առաջնորդարան այցելեցին Իրաքի մէջ Բողոքական եկեղեցւոյ այժմու առաջնորդ՝ Ֆարուք Համմօ-ն فاروق حمو եւ նախկին ներկայցաուցիչ Ալ- Շէյխ Իւսըֆ Ալ- Սաքքա-ն الشيخ يوسف السقا:
Մեծարգոյ հիւրերուն ընդունեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ քննարկուեցան Իրաքի Քրիստոնեաներուն յուզող հարցեր:
Հանդիպման ներկայ եղաւ կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Պարոն Կարապետ Գալուստեան:




