13 Փետրուար 2023-ին, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը: Հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Հայոց թեմի Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վրդ․ Կիւլկիւլեանի, կատարուեցաւ ժամերգութիւնը, որուն աւարտին Հայր Սուրբի ձեռամբ տօնական ճրագը ժողովուրդին փոխանցուեցաւ, ապա թափօրին եւ հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ՝ դուրս բերուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր վառեցին Տեառնընդառաջի խարոյկը: Ներկայութեամբ՝ ՀՀ  դեսպանատան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ  հաւատացեալ ժողովուրդ։

About The Author

By iamc