2023-ի Մարտ 1-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Կիւլկիւլեան առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ասորական Տէմոքրաթ կուսակցութեան քարտուղար՝ տիար Մունիր Նիսանին եւ «Ուֆուք կազմակերպութեան» նախագահ՝ տիար Ալի Պախթին: Իրաքի փոքրամասնութիւններու եւ անոնց իարւունքներու մասին զանազան հարցեր քննարկելէ ետք՝ պարոն Պախթը վերեւ յիշեալ կազմակերպութեան անունով հրաւիրեց առաջնորդ Հայր Սուրբը ներկայ ըլլալու ամսոյս 6-ին «Միասին ապրինք» կարգախօսի տակ եւ Իրաքի Պետութեան բարձր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող յատուկ հանդիսութեան:

Հանդիպման ներկայ եղաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ պարոն Կարապետ Գալուստեանը: 

About The Author

By iamc