Չորեքշաբթի օր, Մարտի 1ին Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ, թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Շիիթ կրօնապետ  Սէյիտ Ամմար Ալ-Հաքիմի գրասենեակի տնօրէն` պարոն Ալի Ալ-Սաաըտի-ին, որն եկած էր կրօնապետի թելադրանքով Հայր Սուրբին շնորհակալագիր յանձնելու:

Հանդիպման ընթացքին պատուարժան հիւրը անդրադարձաւ Պապի այցելութեան եւ այդ առիթով իրենց գրասենեակի ցուցաբերած օժանդակութեան մասին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ապագային ալ որեւէ ձեւով Քրիստոնէութեանը վերաբերող ձեռնարկներուն օժանդակելու:

Առաջնորդ Հայր Սուրբի առաջարկութիւններէն մին եղաւ միասնաբար  «Խաղաղութեան Աղօթքի Օր» կազմակերպել, որն դրական անդրադարձ ունեցաւ հիւրին կողմէ:

Հանդիպման ներկայ եղաւ կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Պարոն Կարապետ Գալուստեան:

About The Author

By iamc