Հայաստան գտնուլու ընթացքին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը, այսօր, Մայիսի 4-ին առիթը ունեցաւ այցելելու Հայաստանի մօտ Իրաքի Դեսպանութեան Հաւատարմատար՝ դոկտոր Սուհէյլան Մունտըր Էլ-Ճպուրիին:

Հանդիպման, որը տեղի ունեցաւ  Իրաքի Դեսպանութեան կեդրոնը ի Երեւան, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ քննարկուեցան զանազան հարցեր ու յատկապէս Հայաստան հաստատուած Իրաքահայերուն դիմագրաւող դժուարութիւններն ու անոնց լուծման միջոցները:

Այս առիթով Առաջնորդ Հայր Սուրբը երախտագիտութիւն յայտնեց Իրաքի Պետութեան, վերջինիս տարած ջանքերուն Իրաքի տարածքին ապրող փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները պաշտպանելուն եւ անոնց նեցուկ հանդիսանալուն համար, մանաւանդ Իրաքահայերուն, որոնք քանի մը տասնեակ տարիներ կարեւոր ներդրում ունեցած են  Իրաքի վերելքին մէջ: 

Հանդիպման ներկայ էր Դեսպանութեան պաշտօնեայ՝ պարոն Արա Քիշմիշեան:

Ծանօթ: Լուսանկարը առնուած է դեսպանութեան կայքէն:

About The Author

By iamc