Այսօր, Կիրակի երեկոյեան, ի տօնին «Երեւումն Ս. Խաչի», Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Պաղտատի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի: Պատարագիչն էր արժ. Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեան:

Իր քարոզին մէջ հոգեշնորհ Հայր Սուրբը  անդրադարձաւ Խաչին նուիրուած տօներուն. Խօսեցաւ խաչի գործածութեան պատմականի մասին եւ թէ ինչպէս Հռոմէական Կայսրութեան կողմէ մահուան դատապարտուողներուն  իբրեւ պատժամիջոց գործածուող խաչը, Քրիստոսի Խաչելութեամբ`  դարձաւ   Քրիստոնէութեան հաւատքի խորհրդանիշը, որմով  կը զարդարենք մեր եկեղեցիներն ու տուները եւ ինչու չէ նաեւ կը կրենք մեր կուրծքին:

About The Author

By iamc