Յուլիսի 21ին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը այցելեց Ասորական Հին եկեղեցւոյ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ այդ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ ՆՍՕՏՏ Կիորկիս Գ. նորընտիր կաթողիկոսին կողմէ: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ փոխանակուեցան կարծիքներ եւ մտահոգութիւններ համայն Քրիստոնէութեան ու յատկապէս Իրաքի Քրիստոնեաներուն հետ առնչուող հարցերու մասին: Հանդիպման աւարտին թեմիս բարեխնամ Առաջնորդը Իրաքահայութեան անունով շնորհաւորեց նորընտիր կաթողիկոսը եւ իր սրտաբուխ մաղթանքները յղեց անոր:





