Ի պատիւ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Օշական նորօծ Եպս. Կիւլկիւլեանի՝ Ռեճինէ Աւանդապահութեան Գործադիր Վարչութեան եւ Ազգային Ծերանոցի Խնամակալ յանձնախումբի համագործակցութեամբ, ամսոյս 20-ին բարի գալուստի եւ շնորհաւորանքի երեկոյթ մը կազմակերպուեցաւ Ազգ. Ծերանոցի դահիլճին մէջ: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ փոխանակուեցան շնորհաւորանքի եւ շնորհակալութեան խօսքեր, որու ընթացքին Աւանդապահութեան կողմէ Առաջնորդ Սրբազան հօր նուիրուեցաւ պանակէ մը եւ լանջախաչ: Այս առիթով Սրբազանը սրտի անհուն գոհունակութեամբ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նուիրատուներուն. խօսեցաւ ամսու 8-ին տեղի ունեցած ձեռնադրութեան մասին, գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ որ այդ հոգեպարար արարողութեան ամենեւին մենակ զգացած չէր, այլ իր կողքին էին Իրաքէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները, նաեւ այն բանին՝ որ, յիշեալ պատուիրակութեան հետ միասին, առիթն եղած էր Վեհարանի յարկին տակ վայելելու Ամենայն Հայոց Հայրապետի տեսութիւնը:
Յատկանշական է որ այս երեկոյթին ներկայ իէն՝ Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեանը, Տ. Արթուն քհնյ. Խալաթեանը, Հայաստանէն նոր ժամանած Տ. Յակոբոս քհնյ. Իսահակեանը, Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետն ու անդամները, Ծերանոցի բնակիչները եւ այլ ազգայիններ: