Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝  Գեր. Տ. Օշական նորօծ Եպս. Կիւլկիւլեան, եպիսկոպոսական իր անդրանիկ պատարագը մատուցանեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց Պաղտատի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի օր ամսոյս 22ի երեկոյեան ժամը 4:00ին:

Այս հոգեպարար արարողութեան ներկայ էին Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդը, Պապական դեսպանը, քոյր եւ այլ եկեղեցիներու Առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ, Պասրայի հայոց հոգեւոր հովիւը, Իսլամ կրօնականներ եւ մտաւորականներ, Իրաքի մօտ ՀՀ նորանշանակ Դեսպանը, Հիւպատոսը եւ Դեսպանութեան Խորհրդականը, Իրաքի Քրիստոնէից եւ այլ կրօններու Աւանդապահութեան պատասխանատուները, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն ու անդամները, շրջաններէն ժամանած Թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, Միութենական հաստատութեանց վարչաութիւններ,  հիւրեր  եւ հոծ բազմութիւն:

Յաւրատ Սբ. Պատարագին, Եկեղեցւոյ բակին մէջ  գրական- գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը հրամցուեցաւ  ներկաներուն: Ձեռնարկը՝  նուիրուած Առաջնորդ Սրբազան Հօր, նախաձեռնութիւնն էր Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Պաղտատի հայ միութենական հաստատութիւնները, ազգային վարժարանն ու առաջնորդարանի աշխատակազմը:

 Այս առիթով  պարոն Կարապետ Գալուստեանի կողմէ Սրբազան Հայրը ստացաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան սրտաբուխ նուէրը:

Յետ յայտագրին, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ եւ եկեղեցւոյ բակը ընթրիքով  հիւրասիրուեցան  բոլորը: 

 Կը կարեւորենք յիշել, որ  Նորին սրբազնութիւնը ձեռամբ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ ամենայն Հայոց Հայրապետի,  Հոկտեմբերի 8ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինի մէջ, իսկ յաջորդ օրը՝ Սբ. Գայանէ վանքին մէջ մատուցած էր իր Ուխտի պատարագը: (տեսնել մեր էջի 10 Հոկտ. թուակիր ծանուցումը):

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ

-Առաջնորդարանս իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ յարգարժան պարոն Րաֆֆի Լուսեանին լուսանկարները սիրայոժար մեզի տրամադրելուն համար:

About The Author

By iamc