Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ` Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի և մասնակցութեամբ Էրպիլի, Տհօքի  և Զախոյի հոգեւոր հովիւներուն, Դեկտեմբերի 24ին, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնի նախօրեակին, երեկոյեան ժամերգութիւն կատարուեցաւ Զախոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Այս հոգեպարար արարողութեան ներկայ եղան Զախօ, Տհօք և Աւզրուկ շրջաններու Թաղական Խորհուրդները։

Տօնին առիթով Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց սարկաւագաց դասը։

Յատկանշական է որ այս օրերուն Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Իրաքի Հիւսիսային շրջան։

About The Author

By iamc