Հինգշաբթի, 29 Փետրուար 2024-ին ՀՀ  Նախագահ Պարոն Վահագն Խաչատուրեանը պաշտօնական այցով Պաղտատէն մեկնած է  Իրաքի Հիւսիսային շրջանի Քիւրտական մարզ:

Ան՝ առանձին  հանդիպումներ ունեցած է վսեմաշուք  Նախագահ  Մասուուտ Պարզանիի եւ  Մարզի  Նախագահ Նէչիրվան Պարզանիի հետ, որոնք զինք ընդունած են նախագահի վայել արարողութեամբ:

Առիթէն օգտուելով  Նորին Վսեմութիւնը նոյն երեկոյ Իր կեցութեան հիւրասրահէն ներս ընդունած է  Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանը, Քիւրտական Մարզի հինգ հայաբնակ շրջաններու (Էրպիլ, Տհօք, Զախօ, Աւզրուկ եւ Հաւրէզք) նաեւ Քէրքուկի եւ Մուսուլի հոգեւոր հովիւները,  Թաղական Խորհուրդներն ու պատասխանատուները:

Ողջոյնի խօսքերէն ետք մեծարգոյ Նախագահը զեկուցած է իր վերեւյիշեալ հանդիպումներու ու մանաւանդ  Հայաստանի եւ

 Քիւրտիստանի միջեւ եղած փոխ յարաբերութեանց  եւ ապագայի ծրագիրներու մասին:

Այս պատմական հանդիպումէն ետք նորին վսեմութիւնը եւ պատուիրակութեան անդամները ընկերակցութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Էրպիլի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ այցելած են  Էրպիլի  հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին եւ ծաղկեպսակ զետեղած Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող Խաչքարին առջեւ:

Առաջնորդարանի տեղեկատուական գրասենեակ

About The Author

By iamc