Ուրբաթ, Մարտի 1-ին, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, որու ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պատարագիչի նոր զգեստ մը օրհնելէ ետք զայն յանձնեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ Արթուն քհնյ. Խալաթեանին։

Կը կարեւորենք յիշել որ ամեն Ուրբաթ վարժուհի Վանուհի Խաչիկեանը  եկեղեցւոյ համալիրէն ներս Հայերէն լեզու կը դասաւանդէ մեր սիրասուն փոքրիկներուն։

About The Author

By iamc