Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակի ոգեկոչման առիթով, Ուրբաթ Ապրիլի 26-ին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն ու օրուայ քարոզխօսն էր արժ. Տ. Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանը ։
Պատարագի աւարտին Զուարթնոց դպրաց դասը ելոյթ ունեցաւ քանի մը ազգասիրական երգերով,
Այնուհետեւ ներկաները Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորած թափօրին հետեւելով ուղղուեցան դէպի Խաչքար- Յուշարձանը ու այնտեղ զետեղեցին սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած իրենց սրտաբուխ ծաղիկներն ու ծաղկեպսակները:
Ապա հոծ բազմութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ կից գտնուող Վարժարանի բակը ուր հոգեցունց մթնոլորտի մէջ դպրոցի աշակերտ- աշակերտուհիները ծառ տնկեցին ի նշան հայ ազգի գոյատեւման։
Յատկանշական է որ այս հոգեպարար արարողութեանց ներկայ եղան նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, Հոգեւորականաց դասը, Դեսպանութեան հաւատարմատար` պարոն Ռուբեն Սողոյեանը, Դեսպանութեան հիւպատոս պարոն Հրաչեայ Յովհաննէսեանը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեանը և վարչութեան անդամները, Պաղտատի Հայ Միութենական Հաստատութեանց Վարչութիւնները, Առաջնորդարանի առնթեր գործող յանձնախումբերը, ՀՄԸՄ-Ի և Բարեգործական միութեան Սկաուտութիւնը և հոծ բազմութիւն։
Յ.Գ.
Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ լուսանկարչ պարոն Ռաֆֆի Լուսեանին Rafi Amri Loosian