“Չորեքշաբթի օր, Ապրիլի 24ին, Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը, ուղեկցութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեանի, Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարելիցի կապակցութեամբ այցելեց Զախոյի և Հաւրէզքի հայ համայնքներ։
Հաւրէզք այցելութեան ժամանակ, Գերաշնորհ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած Սրբոց Յիշատակութեան կարգ, ապա Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ այդ առիթով կազմակերպուած յուշ երեկոյին։ Այնուհետև Սրբազանը այցելեց Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցին և կատարեց տիար Զաքար Իւսըֆ Զաքարեանի ընտանիքին կողմէ նուիրուած խաչքարի օրհնութեան կարգը և Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած Սրբոց Յիշատակութեան կարգը։
Աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յուշ երեկոյ, որուն ներկայ եղան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժ Տ Արթուն քհնյ Խալաթեանը, Զախոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Յակոբոս քհն. Իսահակեանը, Էրպիլի մէջ ՀՀ Հիւպատոս տիար Անդրանիկ Յարութիւնեանը, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեանը, Զախոյի, Աւզրուկի և Հաւրէզքի Թաղական Խորհուրդի ատենապետներն ու անդամները և բազում հիւրեր։”