Հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի` Կիրակի, Փետրուար 16ին Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Բարեշնորհ սարկաւագներու մասնակցութեամբ` պատարագը մատուցեց արժ. Տ. Արտակ Քհն. Միրզոեանը։
Պատարագին ներկայ եղան` Տհօքի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մասիս քհն. Շահինեանը, Զախոյի Թաղական Խորհուրդն ու հաւատացեալ հայորդիներ։

























