Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի և հսկողութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան` Ուրբաթ օր, 2025 թուականի Փետրուար 28-ին տեղի ունեցաւ Զախոյի Թաղական Խորհուրդի ընտրութիւնը։
Զախոյի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ աւելի քան 350 հայորդիներու գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրուեցան հինգ երկսեռ ազգայիններ այդ շրջանի ազգանուէր աշխատանքը կատարելու քառամեայ շրջանի համար։
Ընտրութեան գործընթացը յաջողութեամբ իրականացնելու նպատակով, դատական յանձնախումբ մը նշանակուեցաւ, գլխաւորութեամբ Քիւրտական Մարզի պետական ներկայացուցիչի և մասնակցութեամբ Էրպիլի ու Տհոքի Թաղականութեանց ատենապետներուն։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նորընտիր Թաղական Խորհուրդի անդամները մաղթելով անոնց բեղուն գործունէութիւն ի սպասաւորութիւն մեր Մայրենի եկեղեցւոյն և շրջանի մեր զաւակներուն. յորդորեց զանոնք շարունակելու նախկին Խորհուրդի գնահատելի գործը։
Կը կարեւորենք յիշել որ ընտրութեան արարողութեան ներկայ եղան արժ. Տ Սեպուհ քհն Պաղտասարեանը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն ու անդամներէն ոմանք, Էրպիլի, Տհօքի, Աւզրուկի և Հաւրէզքի Թաղական խորհուրդի ատենապետներն ու անդամներէն ոմանք։















