Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գրեշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանը  Մայիսի 6ին հաւաքոյթ մը  կազմակերպեց  ԻՀԲԸ Միութեան սրահին մէջ ի պատիւ Տ. Արտակ Քհնյ. Միրզոյեանի, Իրաքի հայոց Թեմին մէջ  իր հոգեւոր ծառայութեան աւարտին առիթով։ Հանդիպման, որուն ներկայ եղան` Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, ՀՀ Դեսպան  պարոն Ռուբէն Սողոյեանը,  հիւպատոս օրդ. Զարուհի Ներսէսեանը, հոգեւորականաց դասը, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու  անդամները, Պաղտատի մէջ գործող Հայ միութենական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները և Առաջնորդարանին առընթեր գործող յանձնախումբերու ներկայացուցիչները` երախտիքի և ողջերթի խօսքեր ուղղուեցան Տէրհօր, որն իր հերթին իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին և յատկապէս իր հոգեւոր ծնող` Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր ծառայութեանը ընթացքին ցուցաբերած հայրական  խնամքին և  աջակցութեան համար։

About The Author

By iamc