Հանդիսապետութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Օշական եպս․ Կիւլկիւլեանի, այսօր` օգոստոսի 31-ին, Զախոյի Սուրբ  Աստուածածին  Եկեղեցւոյ մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ։ Պատարագը մատուցեց Զախոյի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբոս  քհն. Իսահակեանը, մասնակցութեամբ Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի  Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս քհն. Շահինեանի։

Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը ” Օրհնութեան և գնահատանքի Գիր”  պարգևեց “Անմեղունակ” դպրաց դասի պատասխանատուներ տիկին Բեատրիս Ներսէսեանին և  օրիորդ Քնարիկ Սեդրակեանին ինչպէս նաեւ դպրաց դասին, եկեղեցւոյ պայծառացման բոլորին տարած երկարամեայ անձնուէր ծառայութեան համար։

Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը,  Տէր Յակոբոս քահանային  փոխանցեց ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ շնորհուած լանչախաչը և  Համապատասխան  Կոնդակը։

Յիշեցնենք, որ երէկ, այս  եկեղեցւոյ մէջ կատարուած էր երեկոյեան ժամերգութիւն և  Աստուածամոր գօտիի գտնուելու  նախատօնակի կարգ։  Ժամերգութեան աւարտին,  Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարած էր   Դպրաց դասի նոր շապիկներու օրհնութեան կարգ, ապա իր հայրական խօսքը փոխանցած  հաւատացեալ ժողովուրդին։

Լուսանկարները`

Պրն. Վահիկ Աւետիսեան

About The Author

By iamc