Այսօր՝ Փետրուար 11-ին, քահանայից հաւաքի երրորդ օրը, նախագահութեամբ Իրաքի թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, շարունակուեցան հոգեւոր հայրերու հերթական նիստերն ու քննարկումները։
Բանախօսութեամբ նիստը սկսաւ Արժ. Տ. Առէն քհն. Մարտիրոսեան՝ ներկայացնելով «Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած խնդիրները» թեման։ Այնուհետեւ հեռակապի միջոցաւ հաւաքին միացաւ Տամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան, որ խօսեցաւ «Ինչպէ՞ս կրնայ հոգեւորականը մխիթարուիլ եւ մխիթարել ժողովուրդը» թեմայով։ Ապա ՄԱՍԷ Քարոզչական Կեդրոնի տնօրէն Հոգեշնորհ Հայր Զաքարիա ծայրագոյն վարդապետը ներկայացուց «Հոգեւորականի կերպարը ինչպիսի՞ հոգեւորական կ՚ուզենք տեսնել» թեման։
Աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը իր շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսքը յայտնեց հոգեւոր հայրերուն, ապա միասնաբար աղօթեցին եկեղեցւոյ միասնութեան եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի անսասանութեան համար։
Երեկոյեան, Էրպիլի Սուրբ Խաչ Հայոց եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Իրաքի թեմի Առաջնոդդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, կատարուեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Սրբոց Վարդանանց նախատօնակի կարգը։















