ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

Այցելութիւն Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդարան

Շաբաթ օր երեկոյեան, Հոկտեմբերի 15ին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վարդապետ Կիւլկիւլեանը այցելեց Պաղտատի եւ Պասրայի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Սէվերիոս Հաուա Արքեպիսկոպոսին: Առաջնորդ Հայր Սուրբին դիմաւորեցին  Հաուա Սրբազանն ու եկեղեցւոյ միւս հոգեւորականները: Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած…

Posted on iamc

Լատին եկեղեցւոյ Առաջնորդին Այցելութիւնը

Այսօր՝ Հոկտենբերի 12ին Թեմս հիւրաբար այցելեց Իրաքի մէջ Լատին Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Ճան Սիւլէյման Արքեպիսկոպոսը: Մեծարգոյ Հիւրին դիմաւորեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը: Յետ ծանօթութեան, երկու առաջնորդները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրուցեցին եւ  քննարկեցին  Քրիստոնէութեան հետ առնչուող…

Posted on iamc

Այցելութիւն Պապական Դեսպանին

Հոկտեմբեր 11ի առաւօտուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը այցելեց Իրաքի մօտ Պապական Դեսպան՝ Գեր. Տ. Միթիա Լէսքովար Արքեպիսկոպոսին: Այցելութեան, որը տեղի ունեցաւ Պապական Դեսպանութեան նստավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, ուր  քննարկուցան երկու եկեղեցիներու փոխ յարաբերութիւններու, ընդհանուր…

Posted on iamc

Պատարագ Խաչվերացի Ս. Տօնին Առիթով

Կիրակի, Սեպտեմբերի 11ին, Խաչվերացի Տօնին առիթով Սբ. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Պաղտատի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեան: Յաւարտ Սբ. Պատարագի, հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ…

Posted on iamc

Քրիստոնեայ Բարձրաստիճան Կղերականներու Այցը Առաջնորդարան

Սեպտեմբերի 10ին, Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ, Թեմիս բարեջան  Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Իրաքի, Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Ղաթթաս Հէզիմ Եպիսկոպոսին, Արեւելեան Ասորական եկեղեցւոյ հոգեւորական՝ Տ. Իլիա Սահակ Եպիսկոպոսին ինչպէս նաեւ…

Posted on iamc

Այցելութիւն

Ուրբաթ օր, Սեպտեմբերի 9-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․Օշական Վրդ․Կիւլկիւլեանը   ընդունեց (مؤسسة أمن الإعلامية) Հաստատութեան նախագահ՝ Պրն․ Ապտ Ալ-Քերիմ Մութլէկ-ին եւ անոր օգնականին, ընկերակցութեամբ Ս․ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ տնօրէն՝ Պրն․ Հովակիմ Ջոջաղայեանի։ Յետ ողջոյնի խօսքերու փոխանակման, հիւրերը բարձր գնահատեցին այլադաւան…

Posted on iamc

Իրաքի Մարդու Իրաւունքներու Պատասխանատուի Այցը Առաջնորդարան

Սեպտեմերի 7ին, Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Իրաքի Մարդու Իրաւունքներու եւ Փոքրամասնութեանց պատասխանատու՝ Պարոն Ապտալլա Ալ-Ճպուրիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Յետ ծանօթութեան, քննարկուեցան փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս Հայ գաղութիւն հետ առնչուող հարցեր ու խնդիրներ: Հանդիպման,…

Posted on iamc

Հանդիպում Ազգային Վարժարանի Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչական Կազմին Հետ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մին եղաւ Ազգային Նախակրթարանի հետ առնչուած զանազան հարցերն ու դժուարութիւնները ուսումնասիրել ու լուծումներ գտնել: Այս նպատակը իրագործելու համար, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ամսոյս 3ի առաւօտուն առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Նախակրթարանի…

Posted on iamc

Պաղտատի Մէջ Հայ Երիտասարդներու Մասնակցութիւնը Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Տօնական Շաբթուան Աշխատանքներուն

9-15 Օգոստոսի, 2022-ին, Պաղտատի հայ երիտասարդները եւ ՀԵԿ-ի անդամները մասնակցեցան Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մաքրման աշխատանքներուն, նաեւ Վերափոխման տօնին շաբթուան ընթացքին կազմակերպեցին հաւատացեալներու այցելութիւնը Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի: Աւելցնենք, որ երիտասարդները եւ ՀԵԿ-ի անդամները մասնակցեցան  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ…

Posted on iamc

Պատարագ Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

14 Օգոստոս 2022-ին, հանդիսապետութեամբ’ Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման  տօնին առթիւ։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Ներկայ էին՝ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ…

Posted on iamc