ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

Նոր Տարուայ առիթով Սուրբ Պատարագ եւ Նռօրհնէքի արարողութիւն

Հայ Առաքելական մեր Մայրենի եկեղեցւոյ գեղեցիկ ու հոգեպարար սովորութիւններէն մին եղած է Նոր Տարուայ նախօրեակին կամ առաջին օրը Սուրբ Պատարագ մատուցել և պատարագի ընթացքին նուռ օրհնելու արարողութիւն կատարել, (Նռօրհնէք), գոհաբանութեան աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած և Անոր օրհնութիւնը խնդրել։ Այս կապակցութեամբ,…

Posted on iamc

Այցելութիւն Այնքաուայի «Ալ- Րաճաա Ծերանոց»

Նոյեմբերի 2-ին, Չորեքշաբթի օր, Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձախումբը Այնքաուայի մէջ այցելեց Ալ-Րէճաա Ծերանոցը: Յանձնախումին դիմաւորեց այդ հաստատութեան սեփականատէր եւ տնօրէնուհի՝ տիկին Խալիտէ Փոլըսը: Ծերանոցի բնակիչներու եւ այլ նիւթերու մասին զրուցելէ ետք՝ տնօրէնուհին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այցելու յանձնախումբին:

Posted on iamc

Էրպիլի Տիկնանց Յանձնախումբի Այցը Անգաուայի Շրջանի Քաղաքապետին

26 Հոկտեմբեր 2022-ին, Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբը այցելեց Անգաուայի  շրջանի քաղաքապետին, հիւրերը ընդունեց քաղաքապետ Պրն․ Ռամի Նուրի Սիաուիշը։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին  Էրպիլի հայ համայնքին վերաբերող նիւթեր։

Posted on iamc

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԻՐԱՔԻ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆ

2022ի Սեպտեմբեր 22էն սկսեալ եւ տասը օրերու տեւողութեամբ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան, հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Իրաքի Հոիւսիսային եւ  Քիւրտիստանի շրջաններու  հայաբնակ վայրերը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետն ու Անդամներէն ոմանք: Այցելութեան ընթացքին Հոգեշնորհ Հայր…

Posted on iamc

Խաչվերացի Տօնը Էրպիլի Մէջ

11 Սեպտեմբեր 2022-ին, Խաչվերացի տօնին առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Պատարագին մասնակցեցան՝  համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդի մեծ թիւով զաւակներ։ Ս. Պատարագէն ետք ներկաները բարի ախորժակով ճաշակեցին (հերիսան), որ պատրաստուած էր եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ։

Posted on iamc

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Էրպիլի Մէջ

 14 Օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Էրպիլի Հայ Առաքելական  Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ,  որուն ընթացքին կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Ս. Պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակները։

Posted on iamc

Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման Տօնը Էրպիլի Մէջ

26 Մայիս 2022-ին, Էրպիլի Հայ Առաքելական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ  մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին առիթով։ Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ  Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէն ճաշ-հիւրասիրութիւն հրամցուեցաւ:

Posted on iamc

Էրպիլի Գրական Եւ Մշակութային Միութեան Անդամներու Այցը Էրպիլի Մէջ ՀՀ Հիւպատոսութիւն

29 Ապրիլ 2022-ին, Էրպիլի Գրական եւ Մշակութային Միութեան ատենապետն ու անդամները այցելեցին Էրպիլի մէջ ՀՀ հիւպատոսութիւն, անոնց  ընդունեց  ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Պրն․ Արշակ Մանուկեան: Հիւրերը՝  նախ շնորհաւորեցին Պրն. Մանուկեանը Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ։ Ապա՝  ներկայացուցին միութենէն ներս կազմակերպուող մշակութային,…

Posted on iamc

Ձեռնարկ Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչման Էրպիլի Մէջ

22 Ապրիլ 2022-ին, կազմակերպութեամբ՝ Էրպիլի Հայ Մշակութային եւ Ընկերային Միութեան վարչութեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 107 ամեակի ոգեկոչման։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան վարչութեան կողմէ՝ Պրն․ Հրանդ Վարդանեան, այնուհետեւ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ, ուր իրենց մասնակցութիւնը…

Posted on iamc

Զատկական Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Էրպիլի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

17 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն Քհնյ․ Խալաթեանի, Էրպիլի Հայ Առաքելական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առթիւ, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։  Ներկայ էին ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Պրն. Արշակ Մանուկեան եւ հիւպատոս Պրն․ Անդրանիկ…

Posted on iamc