2023 թուականի Փետուարի 18ի առաւօտուն, Իրաքահայ Թեմի Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան այցելեց Էրպիլի մեծարգոյ նահանգապետ՝ Տիար Օմիտ Խօշնաու-ին:

Հայր Սուրբին կ՛ընկերանային՝ Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժ Տ. Արթուն քհնյ. Խալաթեանը, կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ՝ պարոն Վարդան Վարդանեանը, նախկին երեսփոխան եւ Տհօքի այժմու թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ պարոն Երուանդ Էմինեանը, Էրպիլի թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ պարոն Իվոն Պօղոսեանը եւ պարոն Վահէ Աւետիսեանը:

Յետ ծանօթութեան՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրոյց եղաւ Հայ եւ Քիւրտ բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ եղած պատմական սերտ յարաբերութեանց մասին, զոր յարատեւած է ու կը շարունակուի ցայսօր: 

Հայու բարեսիրական եւ մարդասիրական հոգին վերստին բացայայտելու նպատակով՝ Հայր Սուրբը ակնարկեց Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ անցեալ օրերուն պատահած ահաւոր երկրաշարժի մասին եւ ըսաւ «…Հայաստանն ալ շատ մը պետութիւններու կողքին՝ իր կարելին չխնայեց եւ օգնութեան ձեռք մեկնեց երկու երկիրներու աղետեալներուն»:

Իր հերթին պարոն Նահանգապետը հպարտանքով խօսեցաւ ամբողջ հայութեան մասին ու յատկապէս գնահատեց իր տարածաշրջանի մէջ բնակող հայերը:

About The Author

By iamc