ՀՄԸ Միութեան Վարչութեան Ընտրութիւններ
25 Նոյեմբեր 2020-ին, ՀՄԸ Միութեան մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընտրական համաժողովի նիստը, որուն ընթացքին կայացաւ ՀՄԸՄ-ի յաջորդ շրջանի վարչութեան անդամներու ընտրութիւն: Օրուան ներկայ էին՝ Իրաքի Երիտասարդութեան եւ Սպորտի նախարարութեան եւ Իրաքի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի ներկայացուցիչներ։ Ընտրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան 10 անդամէ…
Իրաքի Թենիսի Մրցոյթին ՀՄԸՄ-ը Գրաւեց Առաջին Հորիզոնականը
13-14 Նոյեմբեր 2020-ին, Իրաքի թենիսի խաղացողներու միութիւնը Ալ-Շաաբ միջազգային մարզադաշտին մէջ կազմակերպեց մրցոյթ` (8-16) տարեկան տղաներու և աղջիկներու համար։ ՀՄԸ Միութեան կողմէն մարզուհի Գարին Պարսումեանը գրաւեց առարջին տեղը։
Մարզական Նուաճում
Շաբաթ 26 Սեպտեմբեր 2020-ին, հովանաւորութեամբ՝ Իրաքի երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարի, կայացաւ մարզական մրցոյթ: ՀՄԸ Միութեան կողմէն մարզուհի Հայտի Սապահ նուաճեց ծանրաբարձութեան ոսկէ մետալ, գեղարդանետութեան մարզաձեւի արծաթէ մետալ։
Պաղտատի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Համաեկեղեցական Ֆութպոլի Խումբերու Մրցաշարքի Փակումը
23 Հոկտեմբեր 2019-ին, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, ՀՄԸ միութիւնը կազմակերպեց Համաեկեղեցական ֆութպոլի խումբերու երրորդ մրցաշրջանի փակման արարողութիւնը: Եզրափակիչ խաղին մասնակցեցան՝ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ քրիստոնեայ համայնքէն՝ Սբ․ Թովմա եկեղեցիներու խումբերը։ Խաղն աւարտուեցաւ 6-4 հաշուով յօգուտ…
ՀՄԸՄ-էն Ներս Տեղի Ունեցաւ Մարզահանդէսի Մասնակիցներու Պարգեւատրում
ՀՄԸՄ-էն ներս 26 Սեպտեմբեր, 2019-ին, ներկայութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան, տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն: Արարողութեան ընթացքին շնորհակալական խօսքեր ուղղուեցան Մարզահանդէսի կազմակերպիչներուն եւ սկաուտներուն ձեռնարկին ընթացքին՝ իրենց բացառիկ ջանքի ու եռանդի դրսեւորման համար, որուն յաջորդեց պատուոգրերու յանձնում:
ՀՄԸՄ-էն Ներս Տեղի Կ՛ունենայ Համաեկեղեցական Ֆութպոլի Խումբերու Մրցոյթ
Սեպտեմբեր 23, 2019-ին, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, ՀՄԸՄ միութեան վարչութիւնը կազմակերպեց՝ Համաեկեղեցական ֆութպոլի խումբերու երրորդ մրցաշրջանը: Մրցոյթին կը մասնակցին՝ Պաղտատի քրիստոնեայ 9 համայնքներու հաւաքականները։
37-րդ Մարզահանդէսը Պաղտատին Մէջ
2019ի Օգոստոս 28-ին, hովանաւորութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի ՀՄԸ միութիւնը կազմակերպեց 37-րդ ամենամեայ մարզահանդէսը նուիրուած՝ միութեան հիմնադրութեան 70 ամեակին։ Հարիւրէն աւելի երիտասարդներ տարբեր մարզերէն ժամանեցին Պաղտատ մասնակցելու այս միջոցառմանը։ Հանդէսը սկսուեցաւ տէրունական աղօթքով եւ հիմնով։ ՀՄԸ…
Թենիսի Համամարզային Առաջնութիւն
Իրաքի թենիսի միութիւնը, 2019-ին Օգոստոս 25-26, կազմակերպեց ընդհանուր Իրաքի թենիսի հաւաքականի մրցոյթ՝ 10-13 տարեկաններու համար։ Մրցոյթին մասնակցեցաւ Պաղտատի կողմէ ՀՄԸՄ-ը՝ 2 մարզուհիներով։ Երկրորդ եւ երորդ հորիզոնականները համապատասխանաբար գրաւեցին Գարին Պարսումեանը եւ Շողեր Թովմասեանը։