Category: ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Այցելութիւն Ազգային Վարժարան

Հոկտեմբերի 15ին, 2022- 2023 ուսումնական տարեշրջանի Վերամուտին օրը, Ազգային նախակրթարան այցելեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը: Անոր դիմաւորեցին վարժարանի Տնօրէնութիւնն ու Ուսուցչական կազմը: Առաջնորդ Հայր Սուրբը աշակերտութեան

Պաղտատի Հայոց Ազգային Մանկապարտէզի Աւարտական Հանդէսը

Հայոց ազգային մանկապարտէզը, Մայիս 11-ին, կազմակերպեց 6 մանուկներու աւարտական հանդէս: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Տէրունական Աղօթքով ապա հնչեց Իրաքի հիմնը: Մանկապարտէզի տնօրէնուհի՝ Տիկ․ Այտա Եսայեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ՝ նշելով հայեցի…

Դպրոցական Հանդէս Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցին

Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, Հայոց Ազգային Վարժարանը Ապրիլ 27-ին, Կիւլպէնկեան սրահին մէջ ձեռնարկ մը կազմակերպեց նուիրուած` Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին: Հանդէսը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, այնուհետեւ…

Դասախօսութիւն Վարդանանց Տօնի Առիթով

Մարտ 4, 2019-ին Հայոց Ազգային վարժարանի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ Հոգեշնորհ Տ. Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեան, վարժարանի աշակերտներուն Վարդանանց պատերազմի պատմութեան մասին «Աւարայրի Ճակատամարտ» խորագիրով դասախօսութիւն կարդաց։

Ազգային Տարրական Վարժարանը Կը Նշէ Թումանեանի 150րդ Ամեակը

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ գեր. Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի, Պաղտատի Ազգային Տարրական Երկսեռ վարժարանը Յունուարի 12ին Ամանորի առիթով գրական- գեղարուեստական ցերեկոյթ մը կազմակերպեց նուիրուած հայոց անմահ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան…

Մանկապարտէզի Աւարտական Հանդէս

Տարւոյս Մայիսի 5-ին, Հայոց ազգային մանկապարտէզը, կազմակերպեց 8 մանուկներու աւարտական հանդէս: Հանդէսին ներկայ էին` Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․Ասատուրեանը, հոգեւորականաց դասը, ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, մանուկներու ծնողներն ու հիւրեր։ Ձեռնարկին կատարուցան մանկական…

Դպրոցական Հանդէս Նուիրուած մեծ Եղեռնի 103-րդ Տարելիցին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ ամեակին

Հովանաւորութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․Ասատուրեանի, Հայոց Ազգային Վարժարանը Ապրիլ 21-ին, Կիւլպէնկեան սրահին մէջ, հանդէս կազմակերպեց նուիրուած` Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100 ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ էին…

Աւարտական Հանդէս Ազգային Վարժարանի Մէջ

Պաղտատի Ազգային Վարժարանը, 2018-ի Մարտի 10-ին, կազմակերպեց ձեռնարկ մը, նուիրուած Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան եւ վարժարանի շրջանաւարտ աշակերտներուն: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ազգային վարժարանի սրահին մէջ։ Հանդէսի բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով…