Նախապէս ճշդուած ծրագրի համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը այսօր, Փետրուարի 15ի երեկոյեան ժամը 6ին ժամանեց Հիւսիսային շրջանի Աւզրուկ հայաբնակ գիւղը, վաղը՝ Փետրուարի 16ին, Վարդանանց տօնին, Գիւղի Ս. Վարդան Եկեղեցւոյ անուանակոչութեանը նուիրուած՝ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցելու նպատակով: Հայր Սուրբին կուղեկցէին Արժ. Տէր Արթուն քհնյ. Խալաթեանը եւ Արժ. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեանը, ինչպէս նաեւ կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ՝ պարոն Վարդան Վարդանեանը:
Գիւղի հաւատաւոր ժողովուրդի մասնակցութեամբ՝ Ս. Վարդան Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ գիշերային ժամերգութիւն:

About The Author

By iamc