Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Հաւրէզք Գիւղի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ
1 Յունուար 2021-ին, Հաւրէզք գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տարուան առաջին Սուրբ Պատարագը։ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց՝ Արժ. Տ. Տիրան քհնյ. Սարգիսեան: Աւարտին կատարուեցաւ Նռօրհնէքի արարողութիւն։ Ծէսին մասնակցեցան սարկաւագները եւ գիւղի մանուկները: Ապա բաշխուեցան ամանորեայ նուէրներ երեխաներուն։ Արարողութեան ներկայ էին…
Հաւրէզք գիւղին մէջ օժանդակութիւն բաշխուեցաւ
2 Դեկտեմբեր 2020-ին, օրհնութեամբ՝ Տ․ Տիրան Քհյն․ Սարգիսեանի, տօնական մօտալուտ օրերուն առթիւ՝ Հաւրէզք գիւղին մէջ սփիւռքէն ստացուած օժանդակութիւնը բաշխուեցաւ:
Աղօթք Եւ Խաղաղութեան Հավաքոյթ Հաւրէզք Գիւղի ՄԷջ
14 Հոկտեմբեր 2020ին, Հաւրէզք գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ օրհնութեամբ՝ Արժանապատիւ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեանի աղօթք բարձացուաւ առ բարձրեալն Աստուած՝ ի զօրակցութիւն Արցախի։ Աղօթքէն հետո կատարուեցան ազգասիրական բանաստեղծութիւններ եւ երգեր։
Մանկական Դպրաց Դասի Ուսուցում
2020ի ամառուան արձակուրդներուն ընթացքին օրհնութեամբ եւ ջանքերով՝ Արժանապատիւ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեանի կազմակերպուեցաւ՝ «Մանկական դպրաց դասի ուսուցում»: Ուսուցման նպատակն է՝ նոր սերունդը նախապատրաստել եկեղեցական ծառայութեան։
Մարդասիրական Օգնութիւն Հաւրէզքի Եւ Աւզրուկի Հայ Ընտանիքներուն
2020ի Սեպտեմբեր 1-ին, օրհնութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ շրջանի վարչութեան, «Զուլալ» մարդասիրական հիմնադրամը օգնութիւն տրամադրեց Հաւրէզք եւ Աւզրուկ գիւղերու 180 հայ ընտանիքներուն։
Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը՝ Հաւրէզքի ՄԷջ
Կիրակի, 16 Օգոստոս 2020-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Հաւրէզք գիւղի՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Սուրբ Պատարագը մատուցեց Հաւրէզքի հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ․ Տիրան Քհնյ․ Սարգիսեան: Պատարագի արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն սարկաւագներն ու դպրաց դասը։ Ս․…
Ցեղասպանութեան Յիշատակին Նուիրուած Պատարագ Հաւրեսքի մԷջ
Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ին, ցեղասպանութեան 105 ամեակի առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Հաւրէզք գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագեց Հաւրէզքի հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ․ Տիրան Քհնյ․ Սարգիսեան, սուրբ եւ անմահ պարտարագին մասնակցեցան սարկաւագներն ու դպրաց դասը։ Աւարտին Յարգանքի տուրք մատուցեցին ջարդին նուիրուած յուշարձանին։
Զատկական Ս․ Պատարագ Հաւրէզքի Մէջ
Կիրակի, 12 Ապրիլ 2020-ին, Ս. Յարութեան տօնին առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Հաւրէզք գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագեց Հաւրէզքի հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ․ Տիրան Քհնյ․ Սարգիսեան, սուրբ եւ անմահ պարտարագին մասնակցեցան սարկաւագներն ու դպրաց դասը։
Շինարարութիւն Հաւրէզքի Մէջ
18 Սեպտեմբեր 2019-ին, «Զուլալ» մարդասիրական կազմակերպութիւնը՝ Հաւրէզք գիւղի թաղական խորհուրդի ջանքերով, Արժանապատիւ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեանի օրհնութեամբ, Հաւրէզք գիւղապետի եւ Մեսրիկ քաղաքապետարանի աջակցութեամբ, նորոգուեցաւ Հաւրէզք գիւղ տանող ճանապարհը։